2016-05-24 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 մայիսի քարոզը` ''Սրբութեան ուղեւորութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Սրբութեան վրայ, շեշտելով ՝թէ Սրբութիւնը չի վաճառուիր եւ ոչ իսկ մարդկային լաւագոյն ուժերը կրնան զայն սիրաշահիլ։

''Սրբութիւնը ճանապարհ մըն է, որուն վրայ կարելի է ընթանալ` երբ անոր թիկունք կը կանգնին չորս էական տարրեր՝ քաջութիւն, յոյս, շնորհք եւ ապաշխարութիւն'' հաստատեց Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով Սուրբ Պետրոս առաքեալի նամակէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը, ուր առաքեալը կը խօսի սրբութեան մասին։

Սրբազան հայրը նշեց թէ սրբութիւնը ուղեւորութիւն մըն է զոր կարելի չէ որ գնել եւ ոչ ալ վաճառել։  ''Սրբութիւնը ուղեւորութիւն մըն է Աստուծոյ ներկայութեամբ, զոր պէտք եմ անձամբ կատարել եւ ուրիշը չի կրնար կատարել զայն'' շեշտեց Սրբազան Հայրը ապա  անդրադարձաւ այն բառերուն զոր  կ՝ուսուցանեն մեզի  ամենօրեայ սրբութիւնը, անյայտ սրբութիւնը ։

Քաջութիւն։ Դէպի սրբութիւն ուղեւորութիւնը  կը պահանջէ քաջութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։   Սրբութիւնը կարելի չէ իրագործել առանցին։ Անիկա շնորհք մըն է զոր պէտք ենք խնդրել Աստուծմէ։ Ողեւորութիւն մըն է զոր պէտք ենք կատարել քաջութեամբ ու նաեւ յոյսով ինչպէս նաեւ Աստուծոյ շնորհքը ընդունելու պատրաստակամութեամբ, յարեց Քահանայապետը։ Քաջութիւն մը որ կը յուսայ Յիսուսի հետ հանդիպիլ, ըսաւ ան ակնարկելով Հրեաներու ուղղուած նամակի 11-րդ գլուխին.  որուն մէջ  առաքեալը կը խօսի  առաջին նախահայրրեուն ՝յոյսով կատարուած ուղեւորութեան մասին ինչպէս նաեւ Աբրահամ նահապետի ճանապարհորդութեան մասին` Ան ճամբայ ելաւ առանց իմանալու թէ ուր կ՛երթար սակայն լի էր յոյսով, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ակնարկեց Սրբութեան ուղեւորութեան այլ յատկանշական մէկ տարրին`  ապաշխարութիւնը,   առօրեայ ապաշխարութիւնը ու մեղքի փորձութիւններէն  հեռու մնալը` ինչպէս չարախօսութիւնը կամ յանդուգն դատողութիւնը։ Սրբութեան ճանապարհը պարզ է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Ան կ՛իրականանայ առաօրեայի փոքրիկ քայլերուն մէջ, միշտ յառաջ ընթանալով քաջութեամբ եւ մեղքէն  խուսափելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.